Անթիլիաս – ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

ԹԵԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

22-էն
26
Մարտ
2019-
ին,
Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ
Թեզէի երիտասարդական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը
կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Այս ծիրէն
ներս, կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ Լիբանանի
եկեղեցիներուն, տեղի կ՚ունենան միջեկեղեցական
աղօթքներ։

 

Առ
այդ, Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին, Կաթողիկոսարանի
միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքը սոյն աղօթքը կազմակերպեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր
հաւաքուած էին Լիբանանի
տարբեր եկեղեցիներէ ժամանած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Թեզէի միաբանութենէն Լիբանան ժամանած հոգեւորականներ։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ
իր աւարտին հասաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։

 

Նշենք,
որ Թեզէ միաբանութիւնը հաստատուած է Ֆրանսայի
նոյն անունով գիւղի մը մէջ՝
Եղբայր Ռոժէ Շութզի ձեռամբ, 1940 թուականին, եւ իւրայատուկ
է իր էքիւմէնիք
բնոյթով, որուն շնորհիւ բոլոր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ կրնան անդամակցիլ միաբանութեան։

 

 English


Communication & Information Department