Անթիլիաս – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

 

Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրէս»ի տնօրէն՝ Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքին վարիչի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննրակելու ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, ՀայաստանՍփիւռք գործակցութիւնը եւ յատկապէս հայ մամուլին դերն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ հայ մամուլը հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին կողքին գործօն դերակատարութիւն ունի հայապահպանման համազգային առաքելութեան մէջ եւ այս ծիրէն ներս ՀայաստանՍփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը։

 


Communication & Information Department