PRESS RELEASE
Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation Avenida de
Berna 45-A, 1067-001 Lisboa, Portugal
Contact: Vera Cunha
Telf: (+351) 21 782 3658
Web: gulbenkian.pt
--
«ԵՐԴԻՔ»՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՆՈՐ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Արեւմտահայերէնով նոր, բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ երեխաներու
համար։ Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց
տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքեջին վրայ
(https://urldefense.com/v3/__http://www.yertik.com__;!!LIr3w8kk_Xxm!55MuI3UpMRS7pq4b0ihCpcdpGfEjAqDI31X4Y9Got39GG5ewaWAf62KeCzpjSQ$
) կամ ԵուԹիւպով (երդիք - YouTube)։
Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ
կարճ թատերախաղիկներու միջոցաւ, «Երդիք»ը զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը կը
ստեղծէ, ուր մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու միեւնոյն
ժամանակ՝ իրենց հաղորդակցական ունակութիւնները զարգացնել։ Նոր բառապաշար կ՚ամբարեն,
արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն, եւ ամենէն
կարեւորը՝ Սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու
հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն։
«Երդիք»ը շաբաթական երկու տեսերիզներ կ’արտադրէ։ «Ակուլ Տուկուլ»ը երկուքէն վեց
տարեկաններու համար է։ Նոյնիսկ հայախօս չեղող երեխաները կրնան դիտել եւ հետեւիլ
յայտագրին։ Յատուկ կերպարներու պիտի ծանօթանան հոն, առիթ տալով որ իրենց լսողական,
տեսողական ունակութիւնները զարգանան, ու ասոնց հետ՝ իրենց ստեղծարար
կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը։
«Ալնիս Բալնիս»ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէ
առօրեայէն քաղուած տարբեր նիւթեր, երեխաներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով որ
բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնը ու զարգացնեն իրենց
վերլուծական ունակութիւնները։ Այս տեսերիզներուն միջոցաւ՝ նոր գաղափարներ կը ծագին,
նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՚արծարծուին։ Յայտագիրը երեխաները կը քաջալերէ
որպէսզի իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ»ն ու «ինչպէ՞ս»ը հետապնդեն։
«Երդիք»ը նոր յայտագիր մըն է, հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։ Եօթը երիտասարդներ, Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ
գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած, յանձն առած են
յայտագրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը։ «Երդիք»ի այդ խմբակին
մասնակիցներն են՝ Սեւանա Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Հրայր
Գալեմքէրեան, Անոյշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան։
Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»ին կայքէջը, ու այդ
ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ։ Զուարճալի զբաղումներով,
բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»ը եւ «Ալնիս Բալնիս»ը հաճելի
միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար։
Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար
այցելել այս կայքէջը`
https://urldefense.com/v3/__https://gulbenkian.pt/armenian-communities__;!!LIr3w8kk_Xxm!55MuI3UpMRS7pq4b0ihCpcdpGfEjAqDI31X4Y9Got39GG5ewaWAf62Lgd_zgWA$
եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին։
--
A new high-quality creative programme has been launched for children in Western
Armenian. Entertaining, humorous and educational, the online videos can be found
on Yertik.com and on the Yertik Youtube channel.
Through songs, stories, games, puppets, puzzles, sketches and more, Yertik
creates a playful and safe environment where children up to 12 years old can
have fun while developing their communication skills. Children acquire new
vocabulary, learn or improve their knowledge of Western Armenian and,
importantly, find a new and exciting world in the language that speaks to their
daily lives in the Diaspora.
Yertik produces two original weekly videos. «Ակուլ Տուկուլ» (Agool Doogool) is
for two-to-six-year-olds. Both Armenian-speaking and non-Armenian-speaking
children are able to watch and follow the programme. They will become familiar
with unique characters, allowing children to develop their listening skills,
observational skills, creativity and memory.
«Ալնիս Բալնիս» (Alniss Palniss) is for seven-to-twelve-year-olds. The programme
covers different daily subjects, allowing children and preteens to improve their
communication skills in the Armenian language, as well as to develop their
analytical skills. The videos allow for moments of creative brainstorming and
foster debates over a variety of themes using new vocabulary. The programme
encourages children to build upon their curiosity and investigate the “why” and
the “how.”
Yertik is a new programme funded by the Armenian Communities Department of the
Calouste Gulbenkian Foundation. Its creative content and execution are ensured
by a group of young men and women, inspired by the Foundation’s Zarmanazan
language immersion initiative. The Yertik team is composed of Vahan Kerovpyan,
Sevana Tchakerian, Kayane Gavrilof, Hrayr Kalemkerian, Anouche Mekhsian, Vahakn
Keshishian and Dzavy Bilalian.
Yertik.com can be used by educators, parents and grandparents to enrich their
efforts to teach Western Armenian and to live in the language. It is an
educational tool that is based on the philosophy of language acquisition through
fun activities and an enjoyable environment.
For more information about this project and other initiatives visit the website
and subscribe to the newsletter.